2012-10-12 13:50:58

<<Ջահագնացութիւն>> Նշելու Համար Վատիկանի Բ Տիեզերական Ժողովի 50րդ Յոբելեանը


50 տարիներ առաջ 11 հոկտեմբեր 1962-ին բացումը կը կատարուէր Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին որ 20րդ դարու եկեղեցւոյ պատմութիւնը պիտի յեղաշրջեր արմատական կերպով։
Այս Յոբելեանի առթիւ ու Հաւատոյ Տարուայ բացման արարողութեան առթիւ երէկ` հինգշաբթի 11 հոկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ <<ջահագնացութիւն>> մը, նախաձեռնուած Իտալիոյ բանուորական շարժումի կողմէ որուն մասնկցեցան աւելի քան 40 հազար հոգիներ որոնք մեկնելով Գասթել Սանդ Անճէլոյի հրապարակէն ու անցնելով Վիա Տէլլա Գոնչիլիացիոնէ պողոտայէն հասան Սուրբ Պետրոսի հրապարակը ու տեղի ունեցան Հոգեւոր երգեցողութիւններ եւ աղօթքներ ինչպէս նաեւ վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի վերաբերող տեսաերիզի մը հեռարձակումը։ Յոբելինական արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ, ի մէջ այլոց, Հռոմի Թեմի Տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Վալլինին։

Ապա յիշատակելու համար 11 հոկտեմբեր 1962-ին, Յովհաննէս ԻԳ երջանկայիշատակ Քահանայապետի կատարած անակնկալ պատմական ժեստը ու <<լուսինի>> մասին արտասանած նշանաւոր անպատրաստից խօսքը, արարողութեան աւարտին, ժամը 21-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասեանեակի պատուհանէն ողջունեց ներկաները։

Իր խօսքին մէջ Քահանայապետը վերյիշեց 50 տարիներ առաջ պատահած իրադարձութիւնը, որուն մասնկացած էր ինք եւս, այն յոյսով որ եկեղեցին` Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովով, պիտի ապրի նոր գառուն մը, նոր պենտեկոստէ մը` աւետարանի ներկայութեան ազատարար նոր շնորհքի միջոցաւ։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան <<շատ անգամ անդրադարձանք թէ Սուրբ Պետրոսի ուրկանին մէջ կը գտնուին նաեւ գէշ ձուկեր։ Տեսանք թէ եկեղեցւոյ մէջ ալ ներկայ է մարդկային դիւրաբեկութիւնը եւ թէ եկեղեցւոյ նաւակը կը նաւարկէ փոթորիկի մէջ ու զօրաւոր հովի հակառակ։ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ հեզութեամբ ու նորոգուած ուրախութեամբ վերյիշելով իր նախորդին խօսքերը ու շեշտելով թէ <<շատ անգամ կը մտածենք թէ Տէրը մեզ մորցած է ու կը քնանայ, սակայն վստահ ըլլալու ենք թէ Ան կ՛ապրի մեր հետ ու մեր մէջ է նաեւ այսօր։ Արդ կրնանք ուրախանալ որովհետեւ Անոր բարութիւնը վերջ չ՜ունի։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը եզրափակեց Յովհաննէս ԻԳ-ի նոյն նախադասութիւնը արտասանելով <<Գացէք ձեր տուները, ու համբոյր մը տուէք ձեր զաւակներուն ըսելով` Քահանայապետի համբոյրն է սա>>։
Պենետիկտոս ԺԶ համբոյրը կը միանայ Յովհաննէս ԻԳ-ի համբոյրին ցոյց տալու թէ Սուրբ Պետրոսի եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը կը շարունակէ իր ընթացքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.